ԿՐԹԱԿԱՆ ՀԻՄՆԱԽՆԴԻՐՆԵՐԸ ՍՈՒՐԻԱԿԱՆ ՃԵԶԻՐԷԻ ՆՈՐԱԿԱԶՄ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲՆԱԿԱՎԱՅՐԵՐՈՒ ՄԷՋ (1920-1960-ական թթ.)

Authors

  • Անի Ֆիշենկջյան Institute of History NAS RA

DOI:

https://doi.org/10.46991/ai.2023.1.246-259

Keywords:

Սուրիական Ճեզիրէ, գաղթական, դպրոցներ, մանկավարժներ, մեթոտաբանութիւն, եկեղեցի, դպրոց, կրթական

Abstract

Համառօտ ներածութիւն։

Օսմանեան կայսրութեան եւ յատկապէս Քեմալական Թուրքիոյ կողմէ քրիստոնեաներուն, ի մասնաւորի հայերու, նկատմամբ վարած քաղաքականութեան հետեւանքով Կիլիկիոյ եւ Արեւմտեան Հայաստանի տարբեր բնակավայրերու մէջ վերապրող հայերը պարբերաբար (1927 թ.-էն սկսեալ) եւ զանգուածաբար (յատկապէս 1929 թ.-էն ետք) կը գաղթեն Սուրիոյ հիւսիս արեւելեան շրջանները։ Անոնք կու գային Արեւմտեան Հայաստանի հարաւ արեւելեան նահանգներէն. Սուրիա կը հասնէին թշուառ եւ անապահով պայմաններու մէջ։ Գաղթականները կը տեղակայուէին Սուրիա, Թուրքիա, Իրաք սահմանամերձ շրջանները, ուր անապատային տօթը, աւազը եւ համաճարակը օրական հարիւրաւոր երեխաներու կեանք կը խլէր։ Գաղթեալներու օժանդակութեան համար կը կազմուի Գաղթականաց Կեդրոնական յանձնախումբ Բերիոյ թեմի Ազգային Առաջնորդարանի գլխաւորութեամբ։ Օգնութեան կը փութան՝ Ազգերու լիկայի, ֆրանսական հոգատար իշխանութեան /Սուրիան ֆրանսական մանդատի ներքոյ կը գտնուէր/ եւ տեղական կառավարութեան կողմէ ներկայացուցիչներ։

Յօդուածը կը ներկայացնէ Արեւմտեան Հայաստանի զանազան գաւառներէն Սուրիոյ հիւսիս արեւելեան շրջանները ապաստանած հայերու եւ յատկապէս քրտախօս պշերիկցի հայերու համարկումը, ձեւաւորուած հայաբնակ վայրերու մէջ կրթական գործի կազմակերպումն ու պայքարը արաբախօսութեան եւ քրտախօսութեան դէմ։ 

Սուրիական Ճէզիրէի Գամիշլի քաղաքը, որ Սուրիոյ հայաշատ երկրորդ կեդրոնը կը համարուէր Հալէպէն ետք, Սուրիոյ տասնամեայ պատերազմի (2011-էն սկսեալ) տարիներուն թիրախ դարձաւ իսլամական ահաբեկիչներու կողմէ եւ շրջանը ապրող քիւրտ, ասորի, յոյն, նեստորական եւ արաբ քրիստոնեայ յարանուանութիւններու նման՝ Գամիշլիի հայ համայնքը եւս կրեց նիւթական եւ մասամբ մարդկային վնասներ։

 

Բանալի բառեր։ Սուրիական Ճեզիրէ, գաղթական, դպրոցներ, մանկավարժներ, մեթոտաբանութիւն, եկեղեցի, դպրոց, կրթական.

 

Հետազօտութեան հիմնախնդիրը։ Սուրիոյ հիւսիս արեւելեան շրջանը նոր ձեւաւորուած հայկական բնակավայրերու մէջ դպրոցական ցանցի ստեղծումն ու տարածումը Բերիոյ թեմի եւ Հալէպի նորակազմ համայնքի բարեսիրական կազմակերպութիւններու /Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան, հայ կարմիր խաչի /յետագային Սուրիահայ Օգնութեան Խաչի/ եւ Ճեզիրէի Առաջնորդական փոխանորդութեան առաջնահերթ խնդիրներէն էին, որովհետեւ գաղթող հայերու մեծ հատուածը կու գար Արեւմտահայաստանի՝ Տիգրանակերտի, Սղերդի եւ Սասունի միջեւ գտնուող քրտաբնակ գիւղերէն, ուր մայրենին նահանջ ապրած եւ տեղը զիջած էր քրտերէնին։ Ուստի անյապաղ պէտք էր քայլեր ձեռնարկուէր այդ շրջանի հայութիւնը վերամկրտելու քրիստոնէական ծէսով եւ Հայ Եկեղեցւոյ, հայ դպրոցի ճանապարհով թրծելու զանոնք հայեցի եւ կրօնական դաստիարակութեամբ։

 

Հիմնախնդիրին առնչուող արդիական այլ հետազօտութիւններու եւ հրատարակութիւններու կարճ վերլուծութիւնը։ Թեմային վերաբերեալ, յատկապէս Սուրիոյ տարբեր շրջաններու հայկական կրթարաններու հիմնադրութեան եւ գործունէութեանց մասին սկզբնաղբիւր կարելի է համարել Յակոբ Չոլաքեանի «Սուրիահայ դպրոցի պատմութիւն» Ա. եւ Բ. հատորները, ուր հեղինակը մանրամասն կը ներկայացնէ գաղթական հայոց տեղաբաշխման, հայկական բնակավայրերու կրթական գործի ստեղծման, թեմական եւ մշակութային կեանքի պատմութիւնը։ Ոչ պակաս հաւաստի սկզբնաղբիւներ են՝ Բերիոյ հայոց թեմի Ազգային Առաջնորդարանի, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան, Հայաստանի Ազգային Արխիւի, ինչպէս նաեւ Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդութեան արխիւները, Սփիւռքի հայալեզու մամուլը («Արեւ», «Արեւելք», «Ազդակ», «Եփրատ», «Հայաստանի կոչնակ», «Յառաջ», «Աւետիք», «Օշական» պարբերաթերթ) եւ վերապրողներու յուշագրութիւնները։ Վերոնշեալ աշխատութիւններու եւ փաստաթուղթերուն մէջ ներկայացուած են մանաւանդ յետեղեռնեան տարիներուն հայ գաղթականներու թիւի ստուարացման պատճառով հետզհետէ ծնունդ առած վարժարաններու կրթա-կազմակերպչական եւ մշակութային գործունէութեանց վերաբերեալ պատմա-արժէքային տեղեկութիւններ։ Թէեւ վերոյիշեալ աշխատութիւնները յոյժ կարեւոր սկզբնաղբիւրներ կարելի է համարել, բայց ուսումնակրթական, մանկավարժական-մեթոտաբանական հիմնահարցերուն վերաբերեալ տեղեկութիւններ սակաւ են։ Ուստի մեր յօդուածի նպատակն է լուսարձակի տակ առնել եւ քննել այդ խնդիրները։

 

Յօդուածի նպատակը։ Յօդուածին նպատակն է գիտական հասարակութեան իրազեկ դարձնել Սուրիոյ հիւսիս արեւելքը ձեւաւորուած հայկական բնակավայրերու, ապա մեծ քաղաքներու մէջ համայնքային կեանքով ապրող, դպրոցական ցանցի ստեղծման հետ մանկավարժական եւ մեթոտաբանական խնդիրներու մասին, որոնք յոյժ կարեւոր են։ 

 

Հետազօտութեան նորոյթը։ 80-ամեայ Ճեզիրէի հայոց Առաջնորդական Փոխանորդութեան հիմնադրումը Սուրիոյ անապատի մէջ փրկութիւն մըն էր գաղթական հայերու, որոնք 1927-1930-ական թուականներուն պարտադրաբար գաղթելով Արեւմտեան Հայաստանի նահանգներէն ապաստան գտան Սուրիա-Իրաք-Թուրքիա սահմանամերձ տարածքները։ Աւելի քան տասնեակ գիւղերու, աւաններու, քաղաքներու մէջ կառուցեցին եկեղեցիներ եւ հիմնարկէքը կատարեցին Հայ Դպրոցի, որպէսզի կանխեն ուծացման վտանգը, որ սկիզբ առած էր քեմալական Թուրքիոյ փոքրամասնութիւններու դէմ որդեգրած քաղաքականութեան իբրեւ հետեւանք։

Սուրիոյ տասնամեայ պատերազմի ալիքը հասաւ նոյնպէս Սուրիական Ճեզիրէի շրջանը (Գամիշլի, Հասիչէ եւ այլուր), ուր հայ համայնքը կ’արարէր, կանգուն էին դպրոցները, մշակութային, բարեսիրական, մարզական կազմակերպութիւններն ու հայրենակցական միութիւնները, որոնց մեծ մասը կը հովանաւորէր ութսունամեայ գործունէութիւն ծաւալած Ճեզիրէի հայոց Առաջնորդական Փոխանորդութիւնը։

 

Հիմնական նիւթի շարադրանքը։

ա-Պշերիկցի հայերու գաղթը Սուրիոյ հիւսիս-արեւելեան շրջանները /Սուրիական Ճեզիրէ/ եւ հայկական բնակավայրերու  համայնքի կազմաւորումը.

1923 թ.-էն սկսեալ Արեւմտեան Հայաստանի արեւելեան շրջաններու հայութեան որոշ հատուածը պարբերաբար կը սկսի գաղթել Սուրիոյ սահմանամերձ շրջանները [8, էջ 101]։ Սակայն ամենամեծ գաղթի սկիզբը կը դրուի Քեմալի /ցեղային/ էթնիք միատարութեան քաղաքականութեան որդեգրումով, որով փոքրամասնութիւնները կ’ենթարկուէին ուղղակի եւ անուղղակի հալածանքներու եւ տեղահանութեան։ 1923-1930-ական տարիներուն դէպի Սուրիական Ճեզիրէ եւ մասամբ Հալէպ քաղաք հասնող գաղթականութեան հետեւանքով յառաջացած հայ տեղահանեալներուն կարեւոր մէկ մասը կը հաստատուի հիւսիսային Սուրիոյ Ճեզիրէի շրջանը, որով հայութիւնը թուային կարեւոր ներկայութիւն մը դարձած էր հոն [12, էջ 415]։

1927 թ.-էն ետք հիւսիսային Սուրիոյ Ճեզիրէի (Սուրիոյ հիւսիս-արեւելեան սահմանամերձ) շրջանը հասնող գաղթականներու մեծ մասը կու գար Արեւմտեան Հայաստանի հարաւ արեւելեան նահանգներէն։ Անոնք քրտաբնակ «Տիգրանակերտի նահանգի Պշերիկ-Ռըշգոթանի» [6, թ.13] շրջանէն արտաքսուած եւ Գամիշլիի ու Հասիչէի մէջ համախմբուած քրտախօս /շուրջ 150 ընտանիք/ եկուոր հայեր էին [6, թ.13Անոնք Ճեզիրէթ Պոթանի կամ Պշերի լեռներու բնակիչները հանդիսանալով՝ տեղանունի հիմամբ կոչուած էին պշերիկցիներ։ Վերոնշեալ շրջանի հայութիւնը [3, էջ 349-350] բռնագաղթի ենթարկուելով ստիպուած էր հետիոտն անցնիլ Տաւրոսեան Լեռները: Ճամբան չեթէներէն կողոպտուելով հազիւ կը յաջողէին կայք հաստատել Գամիշլի ու շրջակայքի ճահճոտ վայրերը, Ճաղճաղ գետի ափերուն, պատմական Մծբին քաղաքի աւերակներուն տակ:

31 Մարտ 1930-ի տուեալներով գաղթականները մեծ մասամբ տեղաւորուած էին հիւսիսային Սուրիոյ արեւելեան հետեւեալ շրջանները.- «Հասիչէ 100 ընտանիք լուսաւորչական եւ 100 ալ հայ կաթոլիկ. Գամիշլի 400 ընտանիք լուսաւորչական եւ 30 ընտանիք կաթոլիկ հայեր. Գարամանիէ 15 լուսաւորչական եւ հայ կաթոլիկ. Ամուտա` 20 կաթոլիկ եւ 40-50 տուն լուսաւորչական» [12, էջ 421]:

1929-1930 տարեշրջանին Սուրիահայ Օգնութեան Խաչի /յետայսու ՍՕԽ/ Գամիշլիի եւ Հասիչէի մասնաճիւղերու ջանքերով վերոնշեալ վայրերու մէջ կը բացուին դպրոցներ, ուր տեղի հայ երեխաներուն կողքին կը սկսին յաճախել նոր տարագիրներու զաւակները։ Հասիչէի դպրոցը սեփական փոքր շէնք մըն էր, ունէր 50 աաշակերտ, իսկ Գամիշլիինը՝ «վարձուած երկու սենեակնոց առանձին բակ մը՝ 60- 70 աշակերտներով [11, էջ 232

Ազգապատկան եւ Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան /ՀԲԸՄ/ կողմէ հովանաւորեալ եւ նպաստընկեալ վարժարաններ կը հիմնուին Ճեզիրէի այն շրջաններուն մէջ, ուր հայ ընտանիք գոյութիւն ունէր՝ Տէր Զօրի, Ռաս Էլ Այնի, Տերպէսիէի, Ամուտայի, Թէլ Պրաքի, Քուպր Պիթի, Թէլ Քէօչէքի եւ Այն Տիւարի [12, էջ 427], Վանիկի, Տերիքի եւ շրջակայքը գտնուող գիւղերուն մէջ  [10, էջ 291-293

1934 թ.-ին արդէն Սուրիոյ հիւսիս եւ հիւսիս-արեւելեան շրջաններու մէջ 20-22 վայրեր գոյութիւն ունէին բնակուած գաղթական հայերով, ուր պշերիկցի քրտախօս հայերու կողքին բնակութիւն հաստատած էին  Անթապէն, Պէրէճիքէն, Ուրֆայէն, Մարտինէն, Տիարպէքիրէն, եւ Սղերդի շրջանակէն շուրջ 1700 ընտանիք [4, էջ 101]։ Գամիշլիի շրջակայքը, ուր կ’ապրէին 350 տուն հայ, մեծ մասամբ քրտախօս էին եւ հիմնած էին «... զուտ հայկական գիւղերը՝ Հալլիքօ, Տըպպանա, Ջուխա, Մասսատա, Ճինէտիէ, Տէյյօ, Զնտա, Ապու Ճէլալ եւ Միւլլիւք Սէրայ», որոնք օժտուած եղած են հայկական վարժարաններով [1, էջ 2]։

 

վայր

վարժարան

գործունէութեան տարեթիւեր

Հալլիքօ,

Ազգային վարժարան

1945-1952

Տըպպանա,

Ազգային վարժարան

1945-1951

Ջուխա/ Ճուխա

Ազգային վարժարան

1938-1951

Մասսատա/ Մասհատա/

չէ ունեցած

 

Ճինէտիէ/ Ճնետի/

Ազգային վարժարան

1945-1950

Տէյյօ

Ազգային վարժարան

...... Փակում 1950թ.

Զնտա/Զանտա

չէ ունեցած

 

Ապու Ճէլալ

Ազգային վարժարան

1945-1951

Միւլլիւք Սէրայ/ Մլուքասարա/

Ազգային վարժարան

1945-1951 [9, էջ 281-287։]

 

Պատմական հայրենիքէն դէպի Սուրիա գաղթող հայերը իրարու կապուած էին համաքաղաքացիական կապերով եւ կը շարունակէին պահպանել իրենց աւանդոյթները։ Իսկ պշերիկցիները թէեւ «վէմի պէս հաստատուն հաւատք ունէին եւ կը սիրէին իրենց մայրենի եկեղեցին» [5, էջ 22], սակայն թուրքերու եւ քիւրտերու կողմէ այդ բռնագրաւեալ Արեւմտեան Հայաստանի բնակավայրերէն ներս տիրող բռնութեանց պատճառով անոնք մոռցած էին իրենց մայրենի լեզուն՝ հայերէնը. իւրացուցած էին կարգ մը հակամարդկային եւ հակաքրիստոնէական սովորութիւն մը [5, էջ 22]։

 

բ- Սուրիոյ Հիւսիս արեւելեան աւաններու եւ քաղաքներուն մէջ ծաւալուած կրթամանկավարժական գործունէութեան հիմնախնդիրները.

Սուրիական Ճեզիրէի նորաստեղծ հայկական բնակավայեր գաղթող հայերու թիւի աճը, շրջակայքը հիմնուած 21-22 փոքր հայկական գիւղերը, առհասարակ 10-15 ընտանիքներով եւ ծխական դպրոցներով [7, էջ 5-6], բացի գաղթականներու տեղաւորման եւ օժանդակութեան մտահոգութենէն յոյժ առաջադրանքի առջեւ պիտի կանգնեցնէին հոգեւոր դասը եւ Ազգային իշխանութիւնը շրջանը օժտելու հոգեւոր կառոյցով՝ Առաջնորդական Փոխանորդութեամբ, կազմակերպելու Առաքելական համայնքի հոգեւոր եւ ազգային կեանքը, որուն խիստ կարիքը ունէր շրջանի հայութիւնը:

Արդէն, հայրենի հողերէն տեղահանուած ու այստեղ ապաստան գտած հայը խախտելով Եկեղեցի ապա Դպրոց աւանդութիւնը, ձեւաւորուած հայկական բնակավայրերուն մէջ հիմնած էր նախ դպրոց՝ առաջնակարգ նապատակ ունենալով ոչ-հայախօս կամ անգրագէտ նոր սերունդին ծանօթացնել Մեսրոպեան տառերը եւ կրօնագիտութեան ու հայոց պատմութեան տարրական գիտելիքները։

Բայց Ճեզիրէի կարգ մը հայաբնակ գիւղերը այդպէս ալ չկրցան դպրոցներ ունենալ. ծնողները իրենց մանկահասակ երեխաները ստիպուած կ՛ուղարկէին կողքի գիւղի վարժարանը։ Դպրոցներէն ներս տղոց թիւը կը գերազանցէր աղջիկներու թիւին, որովհետեւ աւանդոյթի համաձայն հայ աղջկան յարիր չէր դպրոց յաճախելը եւ ուսում ստանալը։ 1935 թ.-ի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսի կոնդակով կը թելադրուէր, որ աղջիկները եւս «կրթուին ազգին պահանջած օրէնքին համաձայն .....» [5, էջ 22]։

Ճեզիրէի քաղաքներուն՝ Գամիշլիի, Հասիչէի Ազգային վարժարաններէն ներս սկիզբի  տարիներուն դասարանային դրութիւն գոյութիւն չէ ունեցած, նախակրթարանները /տարրականները/ ունեցած են երկու երեք սենեակ իբրեւ դասարան, ուր տարբեր տարիքի աշակերտներ հիւրընկալուած են այդ յարկին տակ եւ ստացած համապատասխան գիտելիքներ։ Յաճախ վարժարաններու պատասխանատուները եղած են գիւղի աւագանիի ներկայացուցիչներէն մէկը /մուխթարները/․ վարժարանը ունեցած է մէկ  կամ աւելի ուսուցիչ, տարբեր տարիքային խումբերու համար։ Ուսուցիչները բացի պատօնավարութենէն, իրենց ընտանիքի կարիքները բաւարարելու համար, անոնցմէ ոմանք ունեցած են այլ աշխատանք եւս. օրինակ՝ գիւղի սափրիչ (տղոց վարսավիր)։ Դպրոցական նպաստի եւ ուսուցիչի կամ մանկավարժի խիստ կարիքը կը զգացուրէր եւ անյապաղ պէտք էր ղեկավարութիւնը որոշումներ կայացնէր եւ հայաբնակ շրջաններու վարժարանները օժտէր մասնագէտներով։ Տեղական կառավարութիւնը կը հոգար միայն արաբերէն լեզուի իր կողմէ նշանակած ուսուցիչի աշխատավարձը, իսկ միւս ուսուցիչները իրենց աշխատավարձը կը ստանային Բերիոյ թեմէն, Ճեզիրէի հայ համայնքի ներկայացուցիչներէն եւ կամ հովանաւորուող բարեսիրական կազմակերպութեանց կողմէ։

Բացի առաքելական եկեղեցւոյ զաւակներէն Ճեզիրէի շրջաններու մէջ կ’ապրէին նաեւ Հայ կաթողիկէներ, որոնց մեծ մասը 1925 թ.-էն ետք Մարտինէն գաղթած էր Ճեզիրէի շրջան. 1935թ.-ին կառուցած էր հողեայ եւ փայտեայ Ս. Յովսէփ եկեղեցին։

1936-ին Հայր Ժոզէֆ Լեւոնեանի ջանքերով կը կառուցուի հողեղէն մանկապարտէզ եւ նախակրթարանը՝ Ս. Յովսէփ անունով։ 1938 թ.-ին Հայր Կիւրեղ Զօհրապեան ժամանակաշրջանին Գամիշլիի մէջ կը հիմնուի Հայ Կաթողիկէ Առաջնորդանիստը։ 

Ի տարբերութիւն շրջանի առաքելական թեմին պատկանող դպրոցներուն, Հայ կաթողիկէներու դպրոցներէն ներս դասաւանդութիւնը կը կատարէին Վարդապետներն ու համալսարականները,  որոնք «գիտակից իրենց կոչումին՝ սիրայօժար վազած գացած են Ճէզիրէի անապատները Այբ, Բեն, Գիմ սորվեցնելու մեր արաբախօս ու քրտախօս մանուկներուն, անոնց լեզուն ու սիրտը հայացնելու, իրենց պապերուն քրիստոնէական կրօնքին մէջը զանոնք պահելու ու սնուցանելու» կը գրէ «Աւետիք» պաշտօնաթերթը [2, էջ 47]։ Կատարուած աշխատանքը կ’արդիւնաւորուի եւ 1940-ական թուականներու սկիզբը դպրոցը կը յաջողի «արաբախօս փոքրիկներուն լեզուն փոխել հայերէնի, շնորհիւ խիստ հսկողութեան եւ զբօսանքներու ընթացքին կիրարկուած նշանակին եւ անոր հետեւանք բարի նիշի եւ գրապատիժի դրութեան» [2, էջ 48]։ Մէջբերումէն կարելի է եզրակացնել, որ հայերէն լեզուի ուսուցումը այնքան ալ հարթ չէր ընթանար, որովհետեւ երեխան հայերէն կը լսէր միայն դպրոցէն ներս, իսկ տան մէջ կը շարունակուէր արաբերէնն ու քրտերէնը։

Հայ Առաքելական եկեղեցին նոյնպէս ձեռնածալ չէր. միջոցներ որոնած էր մանկավարժ ուսուցիչներ պատրաստելու եւ առաքելու շրջանները։ Սակայն գաղտնիք չէ, որ յետեղեռնեան տարիներուն Մերձաւոր Արեւելքի հայ գաղթականներու միայն չնչին տոկոսը գրական արեւմտահայերէն գիտէր։ Հալէպի հիւղաւաններու բնակիչները մեծ մասամբ բարբառախօս, թրքախօս, արաբախօս ու քրտախօս էին: Բայց բոլորը թրքերէնը գիտէին եւ բնականաբար Հալէպի, Պէյրութի, Պաղտատի, եւ մնացեալ խառն բնակչութեամբ վայրերուն մէջ պիտի տարածուէր թրքերէնը իբրեւ հաղորդակցութեան լեզու: Իսկ Ճեզիրէի շրջանը՝ քրտերէնը արաբերէնի կողքին։

Թէեւ կրթական գործի բարելաւման համար իրենց աջակցութիւնը բերած էին ՀԲԸՄ-ն ու ՍՕԽ-ի Շրջանային վարչութիւնն ու տեղական մասնաճիւղերը, բայց անբաւարար էր։ Խիստ անհրաժեշտ էր մանկավարժներու կարիքը։ Պոլիսէն եւ Կիլիկիոյ գաւառներէն եկող ուսուցիչներն ու մտաւորաականները կեդրոնացած էին Սուրիոյ մեծ քաղաքներուն մէջ, մինչդեռ Սուրիոյ հիւսիս արեւելքի ծայրագոյն շրջանները եւս կարիքը ունէին մանկավարժ ուսուցիչներու։ Համայնքի ներկայացուցիչները այդ պահանջներուն անհրաժեշտութիւնը իմանալով հանդերձ, պիւտճէի չգոյութեան պատճառով մատնուած էին անել կացութեան։ Նոր Սերունդը հայեցի ուսումի եւ տոհմիկ դաստիարակութեան պահանջք կը դնէր, եւ եթէ պատասխանատուները չկարենային կատարել իրենց առջեւ դրուած պահանջքը, ոճիրի հաւասար բան մը գործած կ’ըլլային։ Հետեւաբար պէտք էր արագ գործել։  

1930-ական թուականներու վերջաւորութեան Ամերիկայի Հայ Կարմիր Խաչի կողմէ Սուրիոյ շրջանին տրամադրուած նիւթական օժանդակութիւնը կը յատկացուի շրջաններու կրթական գործին։ 1939թ.-ի տուեալներով ՍՕԽ-ի Շրջանային վարչութիւնը Հալէպի Ազգային Պատսպարանի մէջ Սուրիոյ զանազան շրջաններէն եկած 10 ուսանողներ, «որոնց 3-ը ֆրանսական լիսէն կ’ուսանի եւ 7-ը Ազգային նախակրթարաններուն մէջ։ Ուսանողներուն տրամադրուած էր Ազգային Պատսպարանէն սենեակներ. անոնց կեցութեան ծախսին մէկ մասը կը հոգար միութիւնը, իսկ միւսը՝ ծնողքը։ [10, թերթ  398

Բերիոյ թեմի կողմէ եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հովանաւորութեամբ Ճեզիրէի հայաբնակ վայրերու մէջ սկիզբ կ’առնէ Հայ Եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ դպրոցներու հիմնումը։ Հարկ է խոստովանիլ, որ ուսուցիչները իրենց ստացած համեստ ուսման շնորհիւ, երախտաւոր գործ կատարած են։

1946-ի Մեծ հայրենադարձութեան օրերուն թէեւ Ճեզիրէի շրջանէն շատ մարդ չկրցաւ հայրենադարձուիլ, բայց տեղի ունեցած ներքին տեղաշարժի պատճառով Գամիշլիի գիւղերու դպրոցները շարունակեցին գոյատեւել մինչեւ 1950-ին։ Դպրոցական երեխաներ ունեցող ընտանիքները տեղափոխուեցան Գամիշլի՝ պահելով իրենց գիւղի տնտեսութիւնը։

Այնուամենայնիւ, քրտախօս հայերու երեխաները ազգային դպրոցներէն ներս կրցան ստանալ հայեցի կրթութիւն, սկսան խօսիլ հայերէն եւ ծառայել Հայ եկեղեցւոյ [5, էջ 22]։

 

Եզրակացութիւն․-

Յետեղեռնեան տարիներուն եւ յատկապէս Քեմալի վարած ցեղապաշտական քաղաքականութեան հետեւանքով 1927-1930-ական թուականներուն Սուրիա գաղթած եւ կայք հաստատած հայութեան գերխնդիրներէն էր եկեղեցիներ եւ դպրոցներ կառուցել քաղաքներու, աւաններու եւ գիւղերու մէջ։ Սակայն հիմնուող հայկական վարժարաններու մէջ առկայ էին բազմաբնոյթ հիմնահարցեր, որոնց լուծումը բացի նիւթական եւ բարոյական հսկայ օժանդակութենէն, պայմանաւորուած էր կեդրոնացուած կրթական համակարգի առկայութեամբ եւ կանոնակարգուած կրթական գործընթացին համար առաջնային համարուող ուսուցիչներու դերակատարումով։

Բայց իրավիճակը այլ պատկեր կը պարզէր։ Մեծ քաղաքներու նորաբաց հայկական վարժարանները չունէին միասնական կրթական ծրագիր: Ազգային եւ միութենական իւրաքանչիւր վարժարան անջատաբար ու անկախաբար կը գործէր․ որդեգրած էր մասնաւոր ծրագիր-կանոնագիր մը եւ իր ըմբռնած ու փափաքած ձեւով ուսմունք ու դաստիարակութիւն կը ջամբէր հայ նոր սերունդին։

Սուրիոյ հիւսիսային ծայրագոյն շրջաններու մէջ առաւել անմխիթար էր կացութիւնը, բայց շրջանի սա­նե­րը իրենց պատասխանատուներուն հետ փոր­ձեցին մասամբ յաղ­թա­հա­րել խոչընդոտները՝ կրօ­նի, ե­կե­ղե­ցւոյ եւ հա­ւա­տքի մի­ջո­ցով:

References

- «Ազդակ» օրաթերթ, ԻԸ․ տարի, թիւ 183 (6723), Պէյրութ, 1954։

- «Աւետիք» պաշտօնաթերթ, Ժբ. տարի, թիւ 5-8, Մայիս-Օգոստոս, Պէյրութ, 1943։

- Հակոբյան Թ. Խ., Մելիք-Բախշյան Ստեփան Տ., Բարսեղյան Յ. Խ., Հայաստանի և հարակից շրջանների Տեղանունների Բառարան, հ․ Դ., Երևան, ԵՊՀ Հրատ., 1998։

- «Հասկ» ամսաթերթ, Գ․ տարի, թիւ 12, Դեկտեմբեր, Անթիլիաս, 1934։

- «Հասկ» ամսաթերթ, Դ․ տարի, թիւ 2, Փետրուար, Անթիլիաս, 1935։

- Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւն Արխիւ Բերիոյ Թեմ, /յետայսու՝ ՄՏԿԿԱ ԲԹ/ հաւաքածոյ /հ․/3, ցուցակ /ց․/1, թղթապանակ /թղպ․/ 43-թերթ /թ․/ 13։

- ՄՏԿԿԱ ԲԹ, հ. 3, ց. 1, թղպ․ 101, էջ 5-6։

- Մսըրեան Զաւէն, Թուրքիոյ ներքին գաւառներու հայոց պարտադիր արտագաղթը (1929-1930 թթ․), Հայկազեան հայագիտական հանդէս, Գ․ տարի, Պէյրութ, 1972։

- Չոլաքեան Յակոբ, Սուրիահայ դպրոցի պատմութիւն, Բ․ հատոր, Երեւան, 2021։

-Սուրիահայ Օգնութեան Խաչի Շրջանային վարչութեան ատենագրութեան տետրակ /1939-1940 թթ․/, թերթ 398։

-Ֆիշենկճեան Անի, Տեղեկագիր՝ 1929-1930ին Արեւմտեան Հայաստանէն հիւսիս –արեւելեան Սուրիա ապաստանած հայ գաղթականներու մասին, Սուրիոյ հայերը գիտաժողովի նիւթեր (24-27 Մայիս 2015), Պէյրութ, 2018։

-Ֆիշենկճեան Անի, Քամիշլիի հայ համայնքը եւ Ճէզիրէի հայոց Առաջնորդական փոխանորդութիւնը (1920-1960-ականներ), Սուրիոյ հայերը գիտաժողովի նիւթեր (24-27 Մայիս 2015), Պէյրութ, 2018։

Downloads

Published

2023-06-23

How to Cite

Ֆիշենկջյան Ա. (2023). ԿՐԹԱԿԱՆ ՀԻՄՆԱԽՆԴԻՐՆԵՐԸ ՍՈՒՐԻԱԿԱՆ ՃԵԶԻՐԷԻ ՆՈՐԱԿԱԶՄ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲՆԱԿԱՎԱՅՐԵՐՈՒ ՄԷՋ (1920-1960-ական թթ.). Կրթությունը 21-րդ դարում, 9(1), 246–259. https://doi.org/10.46991/ai.2023.1.246-259

Issue

Section

Մանկավարժության պատմություն